Ականատես եղանք հիացուցիչ, ուժեղ, խոր ու լայնածաւալ հանդիսութեան մը, որ չէր սահմանափակուած խաղադաշտով, մարզական ու մշակութային ցուցադրութիւններով։
Հանդիսութիւնը պատմութեան վերծանման «history telling» եւ պատմութիւն մը ստեղծելու, «story making»-ի փորձ մընէր։
Պատմական տարրերու խիտ, համապարբակ ու ցրուած տեսարաններ, ուր իւրաքանչիւր գոյն ու երանգ ունի խորհրդանշական իմաստ եւ թելադրականութիւն,որոնք զարգացան, մօտեցան եւ կազմեցին բոլոր պատկերները ընդգրկող վերջին տեսարան մը, որ կը փորձէ պատգամ մը փոխանցել։
Նկարահանման վայրերու ընտրութիւնը եւ ներկայացման համադրութիւնը նոր իմաստներ հաղորդեցին, որոնք միջոցառումը վերածեցին պատմութեան մշակման եւ հաղորդման մեծ ներկայացումի մը։
Բայց ինչ՞ կանգնած է այս բոլորի ետին։
Անցեալին Ողոմպեական խաղերու բացման արարողութիւնները կը հաղորդեյին, մրցակցային, զուարճալի, մշակութային բովանդակութեամբ, բաժանարար սահմանները շրջանցել փորձող, մարդկութիւնը միաւորուած տեսնելու ձգտող, աշխարհին բարութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն ցանկացող պատգամներ, անոնք կը շեշտաւորէին մարդկային համընդհանուր արժէքներ, նաեւ հիւրընկալող երկիրը կը խրախուսէին մարքէթինկի իմաստով։
Փարիզի միջոցառումը սակայն այդպէս չեր։
Ան փիլիսոփայական, միսիոներական աշխատանք մըն էր։
Ան դաւանանքի մը աղօթքն էր, Նէոլիպերալիզմի քաղաքականութեան մշակութային հատուածին մէջ (կրօնական) նոր արտադրանք մըն էր, մարմնի պաշտամունքի ու ցանկութիւններու խթանմամբ` որպէս մարդկային գոյութեան նպատակ։
Այնտեղ չէին պակսեր դաւանական յարձակումները, յատկապէս քրիստոնէութեան դէմ։
Քրիստոսի եւ աշակերտներու Da Vinci -ի վերջին ընթրիքի պատկերը փոխարինելով այլասերուած պատկերով մը, այլասերուած պատգամ մը կը փոխանցուի, որ կ'աւետէ` (հաճոյքներու ու հեշտանքի աստուծոյ յաղթանակը, ցաւի աստուծոյ դէմ)։
Փարիզի միջոցառումը նէոլիպերալ հաւատքով, շահարկման վիճակ մը կը փորձէ ստեղծել կրօններու եւ ազգերու հաշուոյն։ Այս պատճառով այս գլուխ-գործոցը կարելի չէ հին գնահատականներով նկարագրել։
Այստեղ աշխարհի ու կեանքի երազային, ռոմանթիկ. բարիին եւ խաղաղութեան նայելու պատգամ չկայ, կայ լոկ մարդկութեան պարզած նողկալի իրականութիւնը։ Գոյներու հիասթափեցնող տեսարաններու ընդմէջէն կայ երկրային գոռոզութիւն մը, փոխաբերաբար Յունական հին խաղերու փիլիսոփայութենէն կայ նոր կրօնի մը ձեւաւորման մասին յայտարարութիւն մը։
Միջոցարումը նաեւ քաղաքական եւ բարոյական ճգնաժամի մը անդրադարձն է, երբ բացակայ է հսկայ բեւեռ երկիր մը ու ներկայ են ցեղասպան երկիրներ։
Կարծէք Արեւմուտքը ըսել կ'ուզէ` «ահաւասիկ մեր նաւերը, ուր կրնան բարձրանալ անոնք, որոնք կ'ընդունին մեր նոր աստուածները,թէկուզ որպէս ոճրագործներ եւ պիտի անտեսուին, լուսանցքացուին եւ ոչնչացուին անոնք որոնք կը մերժեն մեր հաւատամքը,անոնց համար մեր նաւերուն վրայ տեղ չկայ»։
Ներսես ՍԱՐԿԻՍՍԻԱՆ